Յոյսի եւ ներդաշկանութեան երեկոյ. 
Լիբանանի միասնութիւը գնահատող պատմական համերգ մը


Մամլոյ հաղորագրութիւն 

20 դեկտեմբեր 2024

Բանալի բառեր: Բարեգործութիւն; երաժշտութիւն; երաժիշտներ; տաղանդ; մշակոյթ; Լիբանան; ճգնաժամեր; ձայն հնչեցնել

Կիսվել

Պէյրութ, Լիբանան – 20 դեկտեմբեր 2024 - Մարտահրաւէրներով լեցուն տարուան մը աւարտին, չորեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժառանգութիւնը եւ յոյսը գնահատող պատմական համերգ մը, գործակցութեամբ՝ Աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան, Ասորիներու միութեան եւ Զովիկեան հանրայինգրասենեակին։


Համերգը նուիրուած էր Լիբանանի վերջին պատերազմին ընթացքին առաջնագիծի վրայ գտնուող անձերուն, որոնքծառայեցին մարդասիրութեամբ եւ խաղաղութեան հանդէպ մեծ յանձնառութեամբ։ Անոնք էին՝ բժիշկները,հիւանդապահները, շտապ օգնութեան անձնակազմը, լրագրողները, քաղաքացիական պաշտպանութեան աշխատակիցները, Լիբանանի բանակը, UNIFIL-ը եւ Middle East օդանաւային ընկերութիւնը (MEA): 


«Այս օրհնաբեր հայկական տաճարին մէջ, այդ աշտարակ մզկիթին կից, տոկուն Պէյրութի կեդրոնը, մենք կանգնած ենք իբրեւ իւրաքանչիւր մարդու ազատութեան, բազմազանութեան եւ արժանապատուութեան վկաներ», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ Ասորիներու միութեան նախագահ, Հապիպ Էֆրեմ։ 


Երաժշտութեան գնահատում՝ բարեգործութեան միջոցով

Կազմակերպուած եւ արտադրուած գործատէր եւ բարերար Լին Զովիկեանի կողմէ, համերգը ղեկավարուած էր մրցանակակիր միջազգային օպերային երգչուհի, սոփրանօ Մարիա Մաթարի, վիրթուոզ դաշնակահար, խմբավար եւ երաժշտագէտ դոկտ. Արմէն Քէչէկի եւ «Ֆայհա» երգչախումբի խմբավար մայսթրօ Պարգեւ Թասլաքեանի կողմէ, որոնք բոլորըելոյթ ունեցան համերգին ընթացքին։ 2023 թուականին Լին Զովիկեանի եւ Զովիկեանի հանրային գրասենեակի կողմէկազմակերպուած «Երաժշտութեան երանգաւորումը» բարեգործական նախաձեռնութեան երկրորդ ելոյթն է այս համերգը։ Այս նախաձեռնութիւնը նպատակ ունի արժեւորելու երաժիշտները եւ ներշնչելու հասարակութիւնը, եւ ներկայացնելու համայնքներ համախմբելու աշխատանքին մէջ մշակոյթի փոխակերպող ուժը։

Lynn Zovighian welcomes the Fayha National Choir on stage at the inaugural concert of “Giving Voice to Music.”

Նկար © 2024 Նաթալի Սուանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Սոփրանօ Լին Զովիկեան, «Ֆայհա» երգչախումբին հետ, Ռիչըրտ Ռոճըրսի «Climb Every Mountain» երգը նուիրեց լրագրողներուն, բժիշկներուն, Լիբանանիբանակին եւ Middle East օդանաւային ընկերութեան։

«Ճգնաժամի պահերուն երաժշտութիւնը մեր ապաստանը կը դառնայ։ Առանց խօսքերու լեզու մը, որ կը բուժէ վէրքերը, որուն դիմաց բառերը անզօր են: Այդ լարն է, որ սիրտերը իրարու կը կապէ՝ ջնջելով սահմանները եւ կամուրջներ կառուցելովտարբերութիւններուն միջեւ», ընգծեց Մայսթրօ Պարգեւ Թասլաքեան։


«Ասիկա կարեւոր պատգամ մըն է լիբանանցի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս գեղեցիկ երկրին եւամբողջ Միջին Արեւելքի ապագայով», յայտնեց Դոկտ. Արմէն Քէչէկ։


Կեդրոնական Պէյրութի տաճարը վերածուեցաւ միասնութեան սրբատեղիի
Հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքի, Հայ Կաթողիկէտաճարը իր դռները բացաւ լիբանանցիներուն եւ բոլոր խաւերէ քաղաքացիներուն առջեւ։ Այս տարի կը նշուի տաճարիբացման 65-ամեակը։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին, իր դժուար դիրքի՝ Կանաչ Գիծին վրայգտնուելուն պատճառով, տաճարը ազգային միասնականութեան խորհրդանիշ դարձած էր։ Այս ամիս տաճարըպաշտօնապէս կը ճանչցուի որպէս ազգային զբօսաշրջային խորհրդանիշ եւ կ՚արձանագրուի Լիբանանի ազգային ցուցակինմէջ։


«Այս տաճարը բոլոր Լիբանանի համար է, եւ մեծ պատիւ էր ընդունիլ մեր երաժիշտները եւ հանդիսատեսները այս ոգեւորիչձեռնարկին համար»,– նշեց Տէր Րաֆֆի Յովհաննէսեան։

Երաժիշտներ, որոնք կը ներկայացնէին երկրի տարբեր համայնքները, ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ շքեղ բեմէն եւ խորանէն։Յատուկ կարիքներ ունեցող երեխաներն ու երաժիշտները իրենց հաճելի մասնակցութիւնը բերին այս ձեռնարկին։

Ճգնաժամի պահերուն երաժշտութիւնը մեր ապաստանը կը դառնայ։ Առանց խօսքերու լեզու մը, որ կը բուժէ վէրքերը, որուն դիմաց բառերը անզօր են: Այդ լարն է, որ սիրտերը իրարու կը կապէ՝ ջնջելով սահմանները եւ կամուրջներ կառուցելով տարբերութիւններուն միջեւ

- Պարգեւ Թասլաքեան - «Ֆայհա» երգչախումբի խմբավար/մայսթրօ

Համաշխարհային աննախընթաց կատարումներ հնչեցին համերգին ընթացքին
Ծրագիրը հանդիսաւոր եւ ներգրաւող համադրութիւն մը եղաւ լիբանանեան եւ արեւելեան ժառանգութեան ու ժողովրդականերաժշտութեան, ինչպէս նաեւ հոգեւոր եւ ոգեւորիչ մեղեդիներու, որոնք յատուկ կերպով յարմարած էին երկրին տարբեր մասերէն հաւաքուած հանդիսատեսը ներշնչելու։ Ուտ նուագող Զիատ Ահմատիէ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց իր«Լամմա էլ Աթմէ» (Երբ մթութիւնը) ստեղծագործութիւնը, մասնակցութեամբ՝ «Ֆայհա» երգչախումբին, իսկ Մարիա Մաթար արաբերէնով մեկնաբանեց Ֆրանց Շուպերթի «Աւէ Մարիա»-ն, մասնակցութեամբ՝ արաբերէն նշաններու լեզուի երաժիշտ,Նատիրա Սամահայի, որ կը ներկայացնէր լսողութեան դժուարութիւն ունեցող համայնքը։

Նկար © 2024 Սերժ Գարաճեանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Ուտ նուագող Զիատ Ահմատիէ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուց իր «Լամմա էլ Աթմէ» (Երբ մթութիւնը) ստեղծագործութիւնը, մասնակցութեամբ՝«Ֆայհա» երգչախումբին։

Ասիկա կարեւոր պատգամ մըն է լիբանանցի ժողովուրդին եւ բոլոր անոնց, որոնք հետաքրքրուած են այս գեղեցիկ երկրին եւ ամբողջ Միջին Արեւելքի ապագայով” Իրական գերազանցութիւնը կը ծնի

- Դոկտ. Արմէն Քէչէկ - վիրթուոզ դաշնակահար եւ երաժշտագէտ 

Maria Mattar at the Giving Voice to Music concert at AUB Hall, with the Al Fayha National choir

Նկար © 2024 Սերժ Գարաճեանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Համաշխարհային առաջին կատարումով, Մարիա Մաթար արաբերէնով մեկնաբանեց Ֆրանց Շուպերթի «Աւէ Մարիա»-ն, մասնակցութեամբ՝ արաբերէննշաններու լեզուի երաժիշտ, Նատիրա Սամահայի։

Յատուկ այս համերգին համար, երիտասարդ բանաստեղծ Իւան Ղարզետտինի ներկայացուց «Լուպնան յա պասմաթ թըֆըլ» (Լիբանան, մանկական ժպիտ մը) իր ստեղծագործութիւնը՝ բացառիկ լիբանանեան բանաստեղծական «զաժալ»ով, որարձանագրուած է ՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ցուցակին մէջ։ Ասորի սոփրանօ ՓոլինԷ Եազպէք,որ մանկութեան կորսնցուցած էր քալելու իր կարողութիւնը փոլիոյի հետեւանքով, երգեց «Շլոմ Լէխ Մարիամ» (Ողջոյն քեզ,Մարիամ) աղօթքը արամերէնով՝ ասորիական բարբառով։

Maria Mattar at the Giving Voice to Music concert at AUB Hall, with the Al Fayha National choir

Նկար © 2024 Սերժ Գարաճեանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

16-ամեայ Իւան Ղարզետտինի «զաժալ»-ով ներկայացուց «Լուպնան յա պասմաթ թըֆըլ» (Լիբանան, մանկական ժպիտ մը) իր ստեղծագործութիւնը՝ յատուկ այս ձեռնարկին համար պատրաստուած։

- Մարիա Մաթար - մրցանակակիր միջազգային օպերային երգչուհի, սոփրանօ 

Իրական գերազանցութիւնը կը ծնի համագործակցութեան ներդաշնակութենէն, ուր իւրաքանչիւր երաժիշտի ուժ կը խթանէ հաւաքական տեսլականը։ Միասին մենք կարող ենք հասնիլ անոր, ինչ որ անհատաբար անհնար է

Maria Mattar at the Giving Voice to Music concert at AUB Hall, with the Al Fayha National choir

Նկար © 2024 Նաթալի Սուանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Սոփրանօ ՓոլինԷ Եազպէք, որ մանկութեան կորսնցուցած էր քալելու իր կարողութիւնը փոլիոյի հետեւանքով, երգեց «Շլոմ Լէխ Մարիամ» (Ողջոյն քեզ, Մարիամ) աղօթքը արամերէնով՝ ասորիական բարբառով։

«Իրական գերազանցութիւնը կը ծնի համագործակցութեան ներդաշնակութենէն, ուր իւրաքանչիւր երաժիշտի ուժ կը խթանէհաւաքական տեսլականը։ Միասին մենք կարող ենք հասնիլ անոր, ինչ որ անհատաբար անհնար է», ընգծեց Մարիա Մաթար։


«Լիբանանի իւրայատկութիւնը բացայայտուեցաւ մէկ երեկոյի ընթացքին՝ մշակութային հրաշալի ներկայացումներու միջոցով։ Լիբանանի բազմազան մշակութային պատկերին կողքին իմ ժառանգութիւնս ներկայացուած տեսնելը իսկապէս մեծ պատիւ էր եւ գրաւիչ փորձառութիւն մը»,- ըսաւ Լիբանանի Խորհրդարանի անդամ Մարք Տաու։


Երաժշտութենէն դէպի միջկրօնական համակեցութեան առիթ

«Կ՚ուզեմ պահ մը կանգնիլ եւ ըսել, թէ որքան հազուագիւտ է այսպէս խոր մարդկային ձեւով համակեցութիւնը տօնելուկարելիութիւնը ունենալ։ Մենք այսօր այնպիսի Լիբանանի մէջ ենք, ուր այսպիսի կատարում գտնելը դժուար է։ Բայց եսանձամբ այնքան հպարտ եմ, որ իմ ընտանիքիս եկեղեցին ստանձնած է այս շատ յատուկ առաջնորդութիւնը՝ ընդունելուհամար այս կարեւոր երաժշտական մեկնաբանութիւնը եւ ժառանգութիւնը այս բեմին վրայ», այդ զոյգ կատարումներէն ետք յայտնեց Զովիկեան։


Հանդիսատեսը մեծապէս գնահատեց այս համերգը։ «Այս համերգը կախարդական երեկոյ մըն էր՝ երաժշտութեան եւսուֆիական աղօթքներու կախարդական համադրութեամբ, ինչ որ կատարուեցաւ Հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ներքեւ, համակեցութեան մայրաքաղաք Պէյրութի սրտին մէջ։ Այս համերգը վերականգնեցքաղաքի մշակութային շքեղութիւնը եւ քաղաքակրթական խորութիւնը, այն մութ եւ դժուար օրերէն ետք, որ մեր երկիրըապրեցաւ», համերգէն ետք ըսաւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ Իպրահիմ Մնեյմնէ։


Համերգին ներառուած էին «Աւէ Մարիա»-ի տարբեր կատարումներ, ներառեալ հայկական շարականը, որ երգեց Հայր ԱրամԱբրահամեանը։ Համերգին ծրագիրը վերածուեցաւ ամբողջ Լիբանանի համար համընդհանուր արժէքներու եւ հաւատքիմարմնաւորման։


Մանկամսուր Dent de Lait-ի շրջանաւարտները, մանկամսուրի համահիմնադիր եւ մանկութեան զարգացման մասնագէտ Լամիս Ժուժուի եւ ձայնի մարզիչ Թոնի Պայայի առաջնորդութեամբ, բեմ բարձրացան եւ կատարեցին Լիբանանի սիրուածերգչուհի Ֆէյրուզի նշանաւոր «Լի Պէյրութ» երգը։

Maria Mattar at the Giving Voice to Music concert at AUB Hall, with the Al Fayha National choir

Նկար © 2024 Նաթալի Սուանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Մեցօ-Սոփրանօ Լամիս Ժուժու, մասնակցութեամբ Dent de Lait-ի շրջանաւարտներուն եւ ղեկավարութեամբ Թոնի Պայայի, կատարեց Ժոզեֆ Հարպի յօրինած «Լի Պէյրութ» երգին իւրայատուկ մեկնաբանութիւնը։

Բայց ես անձամբ այնքան հպարտ եմ, որ իմ ընտանիքիս եկեղեցին ստանձնած է այս շատ յատուկ առաջնորդութիւնը՝ ընդունելու համար այս կարեւոր երաժշտական մեկնաբանութիւնը եւ ժառանգութիւնը այս բեմին վրայ

- Լին Զովիկեան - Զովիկեան հանրային գրասենեակի հիմնադիր

«Յոյսը տուն է»,– նշեց Լին Զովիկեանը իր բացման խօսքին ընթացքին։ 

«Ասիկա պատմական նուաճում էր։ Միասնաբար աշխատելով իբրեւ գործընկերներ եւ ընկերներ, մենք կը ստեղծենք փորձառութիւն մը, որ կը ներկայացնէ մեր սիրած Լիբանանը։ Անոնց ստեղծագործութիւնը եւ ժրաջան աշխատանքը յաւիտեան իրենց ազդեցութիւնը պիտի ունենան», ըսաւ Զովիկեան համերգի աւարտին։

Maria Mattar at the Giving Voice to Music concert at AUB Hall, with the Al Fayha National choir

Նկար © 2024 Նաթալի Սուանի կողմէ / Զովիկեան հանրային գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին Լին Զովիկեանին նուիրեց Սուրբ Կոյս Մարիամի պատկերը՝ իր բարեգործութեան, եւ երաժշտութեան ու համայնքիննուիրուածութեան համար։

###




Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ-Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցի

Հայ կաթողիկէ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ- Սուրբ Եղիա աթոռանիստ եկեղեցին կառուցուած է 1959-ին՝ Պէյրութի Կեդրոնականշրջանին մէջ, որ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին դարձած էր Կանաչ Գիծ՝ բաժնելով լիբանանեան մայրաքաղաքը։Տաճարը նուիրուած է արուեստի պահպանման, մշակութային ձեռնարկներ հիւրընկալելով եւ Լիբանանի բազմազանհամայնքներուն միջեւ երկխօսութեան ու փոխըմբռնում խթանելով։ Այն պաշտօնապէս արձանագրուած է որպէս ԼիբանանիՀանրապետութեան ազգային զբօսաշրջային վայր։ Տաճարին մէջ հանգչած է դագաղը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոցկաթողիկոս պատրիարք կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեանին, որուն հաւանական սրբադասման գործընթացըընթացքի մէջ է։


Facebook: Cathedral of St Elias and St Gregory the Illuminator

Ասորիներու միութիւն

Ասորիներու միութիւնը, հիմնուած՝ 1975-ին, լիբանանեան ոչ շահութաբեր, ոչ կուսակցական եւ ոչ կառավարականկազմակերպութիւն մըն է, որուն նպատակն է ասորիական համայնքին եւ Լիբանանի քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններունձայնը դառնալ։ Միութիւնը նպատակ ունի համախմբել այն անձերը, որոնք կը հաւատան Միութեան մշակութային, հասարակական եւ մարդասիրական առաքելութեան։


Facebook: Syriac League

Զովիկեան հանրային գրասենեակ (ZPO)

Զովիկեան հանրային գրասենեակը (ZPO) հիմնուած է 2015 թուականին՝ ճգնաժամերու եւ վայրագ ոճիրներու ենթարկուածհամայնքներուն աջակցելու համար: Մենք նուիրուած ենք անոնց ձայնը լսելի դարձնելու առաքելութեան՝հետազօտութիւններու, մշակոյթի, քարոզչութեան եւ դիւանագիտութեան միջոցով: «Երաժշտութեան երանգաւորումը» բարեսիրական նախաձեռնութիւն է, որուն նպատակն է աջակցիլ եւ պաշտպանել երաժիշտները եւերաժշտութիւնը Լիբանանի, Հայաստանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ՝ ընդդէմ ճգնաժամերու եւ անմարդկային ոճրիրներու։


www.zovighian.org